2015-04-08 10:06:00

Վալտեզեան եկեղեցւոյ վերապատուելին` ցնծագին կը սպասենք Պապին այցելութեան։


(Ռատիօ Վատիան) Վարշամակ – պատանք։ ‘’Վալտեզեան եկեղեցւոյ վերապատուելիին գնահատումով, ֆրանչիսկոս Քահանայապետի մեր եկեղեցին այցելելով պատմական նոր էջ մը կը բացուի։ Ցնծագին կը սպասենք անոր այցելութեան’’։

Այս խօսքերով վերապատուելի Էուճենիօ Պերնատինի` մեկնաբանեց ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Վալտեզեան տաճարին այցելութեան լուրը որ տեղի պիտի ունենայ 22 յունիս 2015-ին, Քահանայապետին  Թորինօ քաղաք կատարած առաքելական այցելութեան ընթացքին։

Յայտնենք որ Սրբազան Քահանայապետը Թորինօ պիտի այցելէ` Յիսուսի Վարշամակի հանրային ցուցադրութեան եւ don Boscoի երկրորդ դարադարձի տօնախմբութիւններուն առիթներով։  Վերապատուելի  Էուճենիօ Պերնատինի ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով ըսաւ. այս առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը կ’այցելէ մեր տաճարը։ Անոր ընտրութիւնը ու ֆրանչիսկոսն անունը որդեգրելը մեծապէս զարմացուց մեզի։ Հոս կ’ուզեմ յիշեցնել որ Վալտեզեան շարժումը ծնունդ առաւ աւելի քան 8 դար առաջ աշխարհական հաւատացեալի մը հոգեւոր փորձառութենէն որ շատ նման է ս. Ֆրանչիսկոսի հոգեւորութեան` որ է ժուժկալութիւն, պարզութիւն, էականութիւն ու աղքատներու մօտեցում։ Այս ամէն երեւոյթները կը համապատասխանեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին անուան  ու ապրումներուն։  Հետեւաբար անցեալ նոյեմբերին հրաւէր ուղղեցինք` Սրբազան Քահանայապետին մեր եկեղեցին այցելելու ու Ան յօժարակամ ընդունեցաւ հրաւէրը ու մեզի մեծապէս ուրախացուց։ Այս առաջին անգամն է որ Հռոմի Պապ մը մուտք պիտի գործէ մեր եկեղեցին։ Այս նախաձեռնութեամբ, հակառակ մեր տարբերութեան ու մեր դիրքի բազմազանութեան, պիտի կարողանանք միասնաբար աղօթել ու մեր ընկերութեան ցոյց տալ որ ամէնքս միացած ենք Աւետարանին շուրջ - հաստատեց Պերնարտինի Վերապատուելին։








All the contents on this site are copyrighted ©.